Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի գլխաւորած « Փիոթր Փորոշենքօ Դաշինք» Կուսակցութեան նախագահ, Փորոշենքոյի խորհրդական Եուրի Լուցենքօ յայտարարեց, թէ Տոնեցքի շրջանին մէկ երրորդը պիտի ստանայ յատուկ կարգավիճակ, սակայն պիտի մնայ Ուքրանիոյ կազմին մէջ:
Լուցենքօ նշեց, թէ յատուկ կարգավիճակ պիտի ստանան Տոնեցքի եւ Լուկանսքի կարգ մը շրջաններ: Ան ընդգծեց, թէ «յատուկ գօտի» պիտի ստեղծուի այդ շրջաններուն մէջ: Լուցենքօ շեշտեց, թէ Մինսքի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւնները կ’երաշխաւորեն Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ մը յայտարարեց, թէ Արեւելեան Ուքրանիոյ հետ զինադադարի համաձայնութիւնը կնքուելէ ետք, չորս զինուորներ սպաննուած եւ 29 ուրիշներ վիրաւորուած են կողմերուն միջեւ տեղի ունեցող ընդմիջումով բախումներուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը ժամանակաւորապէս սառեցուց Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու գործադրութիւնը:Սակայն, Միացեալ Նահանգներ պահանջեց անյապաղ գործադրութեան դնել պատիժներու նոր ծրարը: