Նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարեց, թէ Ռուսիա՝ Ուքրանիոյ տարածութիւններէն հեռացուցած է իր զօրքերուն 70 առ հարիւրը: Փորոշենքօ ընդգծեց,թէ իր տեղեկութիւնները կը մնան ստոյգ: Սակայն, ան աւելցուց,թէ ռուսական զօրքերը կը շարունակեն հարուածել ուքրանական բանակին դիրքերը: Հակառակ այս բոլորին, Փորոշենքօ ընդգծեց,թէ երախիքներ ունի հաւատալու, թէ պիտի պահպանուի Ուքրանիոյ ամբողջականութիւնը եւ վերջ պիտի դրուի Արեւելեան Ուքրանիոյ անջատողական փորձերուն:
Փորոշենքօ նաեւ նշեց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային, Ուքրանիա պատրաստ է պաշտպանութեան պարիսպ կառուցելու Ռուսիոյ հետ սահմանագիծին երկարութեամբ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց հետաքննութիւն մը բանալ ուքրանական բանակին կատարած պատերազմի ոճիրներուն շուրջ: