– Հըզպալլայի փոխընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ դիտել տուաւ, թէ Տաաշի դէմ միացեալ դաշինք կազմակերպելու քայլերը, կ’ապացուցեն թէ Ուաշինկթըն կորսնցուցած է անոր հակազդելու միջոցները:
-ՄԱԿ-ի կից գաղթականաց հարցերու գրասենեակը հաղորդեց, թէ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը կը հաշուէ մէկ միլիոն եօթ հարիւր հազար:
-Իրանի փոխարտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտէլ Հիանի այցելութիւնը Լիբանան յետաձգուած է անորոշ պատճառներով: Իրանցի դիւանագէտը սկբունքով երէկ պիտի ժամանէր Պէյրութ:
-Աշխատանքի նախարար Սըժաան Ղազի յայտնեց, թէ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին պիտի յայտարարէ խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր առաջադրած թեկնածուներուն ցանկը:
– Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Ֆաթհ Ալի շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտէլ Լաթիֆ Տըրիանին: Դեսպանը շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: