Սպիտակ Տան մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ, նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն մտադրած է ընդլայնելու Տաշի դէմ օդային գործողութիւնները եւ պատրաստ է օգնութեան ձեռք մեկնելու Իրաքի եւ Սուրիոյ իր դաշնակիցներուն: Օպամա ըսաւ, թէ յառաջիկայ ժամերուն 475 ռազմական խորհրդատուներ պիտի մեկնին Իրաք: Ան ընդգծեց, թէ Սուրիոյ տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել ընդդիմութիւնը զինելով եւ մարզելով: Օպամա զգուշացուց՝ Տաաշի վտանգը չսանձելու պարագային, անիկա սպառնալիք պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներուն եւ համայն Եւրոպային:
Մոսկուա դիտել տուաւ, թէ առանց Սուրիոյ կառավարութեան հաւանութեան, Տաաշի դիրքերը հարուածելու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը, կրնայ խանգարել ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ողջունեց Տաաշի դիրքերը ռմբակոծելու նախագահ Պարաք Օպամայի ծրագիրը: Իսկ Սէուտական Արաբիա պատրաստակամութիւն յայտնեց իր հողերուն վրայ մարզել Սուրիոյ ընդդիմութիւնը:
Միացեալ Նահագներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, թէ բանակը պատրաստ է գործադրելու Օպամայի հրահանգները:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, թէ իր երկիրը նոյնպէս պատրաստ է օդային հարուածներ հասցնելու Տաաշին:
Թեհրան ցաւ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարող կարգ մը պետութիւններ միաժամանակ զէնք կը հայթայթեն ահաբեկիչներուն:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի Ճետայի մէջ գլխաւորեց շրջանային պետութիւններու մասնակցութեամբ անվտանգութեան եւ ապահովութեան խորհրդաժողովին: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մեկնեցաւ Ճետա՝ մասնակցելու սոյն խորհրդաժողովին: