ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մաղթեց, որ լիբանանցիները մէկ կողմ կը դնեն իրենց վէճերը եւ նոր նախագահ մը կ’ընտրեն երկրին: Քի Մուն անընդունելի նկատեց երկիրը առանց նախագահի պահելու երեւոյթը: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի օժանդակութեան համար յանձնառու պետութիւնները,որոնք 27 Սեպտեմբերին, Լիբանանի համար խորհրդաժողով մը պիտի գումարեն Նիւ Եորքի մէջ,կ’ակնկալեն որ լիբանանցիները նախագահ մը կ’ընտրեն երկրին: Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ պահանջեց ազդու եւ հեղինակութիւն վայելող նախագահ մը ընտրել,որովհետեւ՝.« Տկար նախագահ մը պիտի չկարենայ արդարացնել ժողովուրդին ցանկութիւնները»:
Լրատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին,թէ քուլիսներու ետին բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան, մինչեւ 20 Նոյեմբեր՝ համատեղ նիստի մը ընթացքին, ընտրելու նոր նախագահ եւ երկու տարիով երկարաձգելու խորհրդարանին պաշտօնավարութեան ժամկէտը: Կ’արժէ նշել,որ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին անհամաձայնութիւն մը ծայր առաւ խորհրդարանի ընտրութիւնները վերահսկող յանձնախումբը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն պատկանելիութեան շուրջ: Խորհդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարաեց, թէ պիտի մերժէ երկարաձգումը, մանաւանդ երբ զայն յաջորդող հանգրուանի ծրագիրները կը մնան անորոշ:
Վարչապետ Թամամ Սալամ ՝ Կիրակի առաւօտեան պիտի մեկնի Քաթար՝ տեղւոյն վրայ քննարկելու առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու կարելիութիւնները: Սալամի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նախարարներ եւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ Ապպաս Իպրահիմը: Վարչապետը նախքան իր ճամբորդութիւնը, լրագրողներուն յայտնեց, թէ Լիբանան կը տառապի ահաբեկչութենէն: Սալամ, միաժամանակ շեշտեց,թէ գոյութիւն ունի Լիբանանին օժանդակելու միջազգային եւ շրջանային որոշում :
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Սըլէյման շեշտեց,թէ յանձնառու պիտի մնայ Պաապտայի Յայտարարութեան եւ ճակատ մը պիտի կազմէ,անոր գործադրութիւնը հետապնդելու նպատակով: