Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակիցին Ֆրանսուա հոլանտին հետ եւ պահանջեց ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը: Ապպաս միաժամանակ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններէն պահանջեց ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը: Ապպաս նշեց, թէ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստերուն ընթացքին վերստին պիտի արծարծէ այս հարցը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց, թէ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին պատահած զինուորական գործողութիւնները վտանգաւոր ներազդեցութիւն ունեցած են պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէին վրայ: Եաալոն դիտել տուաւ, թէ յետ այսու գոյութիւն պիտի չունենան աժան պատերազմներ:
Ապահովական գետնի վրայ, բանակի միաւորներ եւ հրեայ ծայրայեղականներ խուժեցին Աքսա մզկիթը եւ դուրս վտարեցին աղօթող հաւատացեալները: