Համաշխարհային ճատրակի ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ սկսաւ Սպանիոյ Պիլպաօ քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի «Մեծ Սաղաւարտ» մրցաշարքը:
Հայ վարպետը առաջին հանգրուանին, սեւ քարերով խաղալով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Ֆրանսիսքօ Վալյէխոյի հետ: Նշենք, թէ սոյն մրցաշարքին,իւրաքանչիւր յաղթանակի համար կը շնորհուի երեք կէտ, հաւասարութեան՝ մէկ: