Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի հաւաքականը պաշտպանեց չորս տարի առաջ նուաճած աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը:Մատրիտի մէջ կայացած աւարտական մրցումին, ամերիկացիները՝ 129- 92 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Սերպիոյ հաւաքականին: Ֆրանսա գրաւեց երրորդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզէ մետալին: