Ինչպէս նախատեսուած էր, վարչապետ Թամամ Սալամ, կառավարական, ապահովական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Կիրակի առաւօտեան ժամանեց Քաթար եւ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Սալամի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ Նիհատ Մաշնուքը, Ղազի Զըայթէրը, Սըժաան Ղազին, Ռոնի Արէյժին, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ Ապպաս Իպրահիմը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Պաշտօնական ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ իշխանին հետ եւ քննարկեց առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու կարելիութիւնները: Իշխան Թամիմ պատրաստակամութիւն յայտնեց հետապնդելու առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարը: Ան ըսաւ, թէ Քաթար երբեք պիտի չզլանայ ազատ արձակելու լիբանանցի առեւանգեալները:Սալամ յայտարարեց, թէ Իպրահիմի պիտի մնայ Քաթար՝ տեղւոյն վրայ հետապնդելու զինուորականներուն թղթածրարը:Այս առիթով, վարչապետը դիտել տուաւ, թէ Լիբանան գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ կը կարօտի օժանդակութեան:
Վարչապետ Թամամ Սալամ յայտարարեց, թէ Քաթար նախանձախնդիր կը մնայ առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու իր յանձնառութեան վրայ: Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք յայտարարեց, թէ վարչապետ Սալամ հաղորդակցութեան մէջ մտած է Անգարայի հետ, սակայն մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ Ապպաս Իպրահիմ նշեց, թէ Քաթար մինորդի դեր ստանձնած է Տաաշի եւ Ճեպհէթ Ալ Նուսրայի հետ: Իպրահիմ ընդգծեց, թէ առեւանգողները բաւական տհաճ պայմաններ կը ներկայացնեն զինուորականները ազատ արձակելու համար: Այսուհանդերձ, Իպրահիմի նկատել տուաւ առեւանգեալներու հարցով որոշակի յառաջընթացի մը գոյութիւնը:
Սալամ, վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի կից բարգաւաճման ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Հելէն Գլարքը եւ քննարկեց Լիբանանի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրներուն գործադրութիւնը: Գլարք նշեց, թէ լիբանանեան կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրները կը ներկայացնեն մէկ ամբողջութիւն:
Ապահովական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Դանիայէն նոր վերադարձած պաղեստինցի գործարար մը առեւանգուած է Պեքաայի մէջ: Մուհամմէտ Խալէտ, 59 տարեկան, առեւանգուած է իր բնակարանին առջեւ զբօսնելու ընթացքին: