Իրաքի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար Փարիզի մէջ գումարուած միջազգային խորհրդաժողովէն քանի մը ժամ ետք, ամերիկեան օդուժը ռմբակոծեց Պաղտատի մօտակայ մէկ շրջանին մէջ գտնուող Տաաշի դիրքերը:Սակայն միւս կողմէ, հետզհետէ բացայայտ դարձաւ,որ, արաբական աշխարհի պետութիւններ, համայնքային զգայնութիւններու պատճառով, կը խուսափին մասնակցելու այսպէս կոչուած իսլամական պետութեան դիրքերուն վրայ օդարշաւներուն: Կարգ մը արաբական երկիրներու կարծիքով, ճիշդ պիտի չըլլայ Իրանը եւ Սուրիան դուրս ձգել ձեւաւորուող զինակցութենէն:
: Իրանի կարծիքով Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը պիտի դառնայ Սւորիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան ազդանշանը: Թեհրանի կարծիքով, Ուաշինկթըն անիմաստ քայլերու կը դիմէ Իրաքի մէջ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ճաաֆարի ցաւալի որոշումի հետեւանք նկատեց Փարիզի խորհդաժողովէն Իրանի բացակայութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Սէուտ Ֆայսալ դիտել տուաւ, թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պատերազմը պիտի պահանջէ առնուազն տասը տարի ժամանակ: Ֆայսալ զինուորական աջակցութիւն խոստացաւ Սուրիոյ ընդդիմութեան:
Մոսկուա անգամ մը եւս զգուշացուց Ուաշինկթընը՝ կատարուող օդարշաւները առանց սուրիական իշխանութիւններու հետ համադրելու հետեւանքներէն:
Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր յայտնեց, թէ Տաաշ՝ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան հարիւրամեայ ձախողութիւններու եւ յեղաշրջումներու հետեւանք է: Քիսինճըր դիտել տուաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ չի կրնար տոկալ «բաց» եւ երկարատեւ պատերազմներու:
Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին դիտել տուաւ, թէ Ուաշինթընի վարած անպատասխանատու քաղաքականութիւնը նոր Պաղ Պատերազմի մը պիտի մղէաշխարհը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի զարմանք յայտնեց այն երկիրներուն համար, որոնք տարիներ շարունակ ահաբեկիչներ հովանաւորելէ ետք, ներկայիս պայքարի ելած են անոնց դէմ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ մեկնեցաւ Նիւ Եորք մասնակցելու Թեհրան- Վեցեակ միջուկային բաանկցութիւններուն: