Ուքրանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Եւրոպայի հետ համագործակցութեան եւ դրացնութեան համաձայնագիրը:Նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարեց, թէ խորհրդարանին համար պատմական այս որոշումը մեծ յաղթանակ մըն է Ուքրանիոյ համար: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մարի Հարֆ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է վերանայելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, եթէ Մոսկուա յանձնառու կը մնայ Մինսքի մէջ գոյացած համաձայնութեան կէտերուն: