ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմող Ֆաթիհ Աքինի «Հատումը» ֆիլմի ցուցադրումը թուրքերը յետաձգած են առնուազն մինչեւ Դեկտեմբեր: Ըստ «Հապերլեր»ի՝ ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենար «Filme-kim»ի ծրագիրին ընթացքին՝ Հոկտեմբերին, սակայն զայն չցուցադրելու որոշում տրուած է վերջերս:
Պոլսոյ մշակոյթի եւ արուեստի հիմնարկը այդ մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը՝ պնդելով, որ այդ որոշումը քաղաքական չէ: