– Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ Պիքֆայայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ճոմպլաթը: Ճոմպլաթ եւ Ճեմայէլ շեշտեցին սահմանադրական հաստատութիւնները զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը:
-Քաղաքային Օդանաւներու Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը իր վերջին տեղեկագիրին մէջ վտանգաւոր գնահատականը տուաւ Լիբանանի կացութեան եւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի օդային տարածութեան վրայ սաւառնող օդանաւներու անվտանգութեան:
– Աւստրալիոյ մէջ, Տաաշի դրօշակը կրող անծանօթներ սպառնացին հրոյ ճարակ դարձնել Սիտնի մէջ գործող Սէյտէթ Լուպնան եկեղեցին:
-Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերէք Փլամլին եւ քննարկեց լիբանանեան բեմի վերջին զարգացումները:
-Խորհրդարանի դիւանը վերայիշեցումի կարգով բաժնեց նոր նախագահի ընտրութեան հրաւէրները: Լիբանանեան խորհրդարանը սկզբունքով Երեքշաբթի,23 Սեպտեմբեր 2014, կէսօրուան ժամը 12-ին, 13-րդ անգամ ըլլալով, հրաւիրուած է ընտրելու երկրին նոր նախագահը: