Նախագահ Պարաք Օպամա մերժեց իսլամական պետութեան դէմ յայտարարուած պատերազմին ցամաքային զօրքերու մասնակցութեան ընտրանքը: Պետական քարտուղար Ճոն Քերրի երկրորդեց Օպամայի որոշումը, աւելցնելով թէ Ուաշինկթըն ետդարձ պիտի չկատարէ իսլամական պետութեան դէմ արշաւէն: Օպամայի կեցուածքը կը հակասէ օր մը առաջ պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի եւ բանակի ընդհանուր շտապի պետ զօրավար Տեմսիի յայտարարութիւնները:
Սպիտակ Տունը հաղորդեց, թէ ամերիկեան օդուժը ցարդ 193 օդարշաւ կատարած է Իրաքի մէջ Տաաշի դիրքերուն վրայ:
Սպանիա մտադրած է «Փաթրիոթ» տիպի օդային պաշտպանութեան հրթիռներ ուղարկել Թուրքիա՝ Սուրիայէն եւ Իրաքէն անակնկալ օդարշաւներու դէմ պաշտպանութեան նպատակով: