Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը՝ 273 կողմ եւ 156՝ դէմ ձայներով, հաւանութիւն տուաւ՝ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու եւ մարզելու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած ծրագիրին, այն պայմանով որ վերջինս դէմ պիտի դնէ Տաաշին: Օպամակ’ակնկալէ, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը եւ Իրաքի բանակը պիտի ըլլան Տաաշի դէմ յառաջամարտիկները: Միացեալ Նահանգներու պետական գանձի նախարար Ճաք Լօ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց կասեցնել Տաաշին հասնող բոլոր մատակարարումները: Գոնկրէսը հինգ հարիւր միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկ մը քուէարկեց Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու նպատակով: Այսուհանդերձ, Գոնկրէսի անդամներուն մեծամասնութեան մօտ թերահաւատութիւն կը տիրէ Սուրիոյ ընդդիմութեան կարողականութեան եւ ստանձնելիք յանձնառութեան շուրջ:
Պի.Պի.Սի. հաղորդեց, թէ Տաաշ՝ մարդկային վահաններ կ’օգտագործէ Տէր Զորի եւ Ռաքայի մէջ, բանակին դէմ բախումներուն ընթացքին: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հալէպի եւ անոր շուրջ օդային տարածութիւններուն մէջ նկատուած են Տաաշի դիրքերը հետապնդող հետախուզական օդանաւներ: Բրիտանիոյ պետական նախարար Թոպայաս Իլվուտ՝ նախագահ Պաշշար Ասատին վերագրեց Տաաշի իշխանութիւնը ընդլայնելու պատասխանատուութիւնը:
«Հաարէց» օրաթերթը իր երէկուան համարին մէջ գրած էր, թէ Տաաշ ոչինչով կը սպառնայ Իսրայէլին:
Ռազմական գետնի վրայ, բանակը կասեցուց Տարաայի շրջանէն Դամասկոս թափանցելու փորձ մը: