Եւրոպայի Ախոյեան Ակումբներու Ախոյեանութեան «Չեմփիընզ Լիկ» բաժակի խմբային հանգրուանի մրցումներու գծով, Փորթօ՝ 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց պելառուսական ՊԱԹ Պորիսովի դէմ: Պարչելոնա՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ափոյէլ Նիկոսիան: Ժեռար Փիքէ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Ռոմա՝ 5-1արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոսկուայի Բանակայինները:
Այաքս Ամսթերտամ- Փարի Սէն Ժերմէն ճակատումը վերջ գտաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ, նմանապէս եւ Մարիպոր – Սփորթինկ Լիզպոն հանդիպումը: Պայերն Միւնիխ՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Սիթիին: Ժերոմ Պոթենկ նշանակեց հանդիպումին միակ կոլը: Լոնտոնի մէջ, Չելսի՝ 1-1 հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շալքէ 04-ի դէմ: Սեսք Ֆապրեկաս նշանակեց անգլիական խումբին կոլը: