Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը եօթին սկովտիացիները ուղղուեցան քուէատուփ՝ հանրաքուէի միջոցով վճռելու Բրիտանիայէն անջատուելու իրենց ցանկութիւնը:Սկովտիա՝ 307 տարիներ առաջ միացած է Անգլիոյ: Քուէարկութեան համար արձանագրուած են 4.285.323 քաղաքացիներ՝ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներուն ութսուն առ հարիւրը:Անոնք պիտի փորձեն իրականացնել դարերու վրայ տարածուող երազ մը:
5579 ընտրակեդրոններու մէջ քուէարկութիւնները աւարտեցան երեկոյեան ժամը տասին:
Սկզբունքով, հանրաքուէին արդիւնքը պիտի յայտարարուի այսօր՝ Ուրբաթ առաւօտեան: Այո-ի կողմնակիցները շահելու պարագային, սկովտիացիները 24 Մարտ 2016-ին, պաշտօնապէս պիտի անջատուին Բրիտանիայէն: