Լիբանանեան բանակը անգամ մը եւս վճարեց շրջանային հակամարտութիւններու գինը: Վերջին օրերուն, Տաաշի եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ, Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ եւ Քընէյթարայի շրջանին մէջ արձանագրած յառաջընթացը լրջօրէն սկսած է մտահոգել արաբական աշխարհի պետութիւնները:
Վարչապետ Թամամ Սալամ արտակարգ նիստ մը պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն՝ Արսէլի եւ շրջանային զարգացումները,ինչպէս նաեւ Լիբանանը ծայրայեղական հոսանքներէն հեռացնելու կարելիութիւնները քննարկելու մտահոգութեամբ: Մէկ իրողութիւն՝ քաղաքական բոլոր հոսանքներուն համար յստակ դարձած է, թէ Արսէլի միջադէպերը միջարաբական ծածկուած հակամարտութիւններու հետեւանք են: Լիբանանեան բանակին դէմ Ուրբաթ օրուան կատարուած յարձակումը պատահեցաւ Արսէլի այն հատուածին մէջ, որ սկզբունքով կը գտնուի բանակին հսկողութեան տակ: Այս եղելութիւնը յստակ գաղափար մը կու տայ Արսէլի ապահովական կացութեան մասին:
Քաղուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ծայրայեղականները օժտուած են բաւական արդիական եւ կատարելագործուած զէնքերով: Հաւանաբար ճիշդ այս պատճառով, ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք Մոսկուայի մէջ յայտարարեց,թէ Արսէլը բռնագրաւուած քաղաք մը դարձած է այսօրուան դրութեամբ , իսկ բանակին եւ ծայրայեղականներուն միջեւ որեւէ բախումի գինը պիտի վճարեն անոր բնակիչները:
Բանակը երէկ հողին յանձնեց Արսէլի մէջ Ուրբաթ օր ինկած երկու նահատակները:
ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի դեսպան Նաուաֆ Սալամ, միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը պահանջեց լիբանանեան բանակին եւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն:
Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Պոկտանով ողջունեց լիբանանեան բանակը ռուսական զէնքերով օժտելու Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած նախանձնախնդրութիւնը: Պոկտանով պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ առանց որեւէ նախապայմանի, արդիական զէնք մատակարարելու բանակին: Ան միաժամանակ մաղթեց,որ լիբանանցիները համախոհական նախագահ մը կ’ընտրեն երկրին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– Երեսփոխան Մարուան Համատէ քննադատութեան ենթարկեց կառավարութիւնը, դիտել տալով, որ նախքան Տաաշի եւ Ճեպհէթ Ալ Նուսրայի գերին դառնալու, կառավարութիւնը դարձած է ինք իր գերին…:
– Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ այցելութիւն մը տուաւ Հասպայայի եւ Արքուպի շրջանները:
– Անթաքիոյ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղփառ եկեղեցւոյ Կրեկորիոս Լահամ պատրիարքը պահանջեց արաբական միացեալ ճակատ մը կազմել ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն դէմ: Պատրիարքը աւելի համարձակ քայլեր պահանջեց արաբական պետութիւններէն, ի խնդիր՝ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան: