Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու նամակ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ Ապահովութեան Խորհուրդին, ուր նշուած է թէ առանց սուրիական բանակին միջամտութեան, ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ միաւորներուն կեանքը վտանգուած պիտի ըլլար Կոլանի մէջ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց Տաաշի դէմ միաժամանակ ճակատ բանալ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Սակայն քրտական կազմակերպութիւններ կասկածանքի տակ սկսած են առնել Տաաշ դէմ պայքարելու Թուրքիոյ իսկական նկրտումները: Անգարա երէկ առաւօտեան հաղորդեց, թէ յաջողած է ազատել Տաաշի կողմէ առեւանգուած կարգ մը դիւանագէտներ:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի յայտարարեց, թէ Իրան դերակատարութիւն պիտի ունենայ Տաաշի դէմ յայտարարուած միջազգային զինակցութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան տնօրէն Ճէյմս Քլապըր բացայայտեց Խորասան անունով՝ Տաաշէն շատ աւեի վտանգաւոր կազմակերպութեան գոյութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Քլապըրի կարծիքով, Խորասան աւելի լուրջ սպառնալիք կը ներկայանայ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներուն, քան Տաաշը: