Սպանիոյ Պիլպաօ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ համաշխարհային ճատրակի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքի համար Մեծ Սաղաւարտ մրցաշարքը: Վերջին՝ 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն,Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնեց աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին յաւակնորդ Վիշուանաթան Անանտին: Նշենք, թէ նախքան այս հանգրուանը՝ Անանտ ապահոված էր Մեծ Սաղաւարտ մրցաշարքին տիտղոսը: Հնդիկ վարպետը մրցաշարքը աւարտեց 11 կէտով, իսկ Լեւոն Արոնեան՝ 10: Առ ի յիշեցում, Պիլպաոյի մրցաշարքին, իւրաքանչիւր յաղթանակի համար կը տրուէր երեք կէտ, հաւասարութիւնը՝ մէկ: