Նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Տաաշի դէմ օդարշաւները:Ամերիկեան օդարշաւներուն հետեւանքով, Տաաշի զինեալները հեռացան Եփրատ գետի որոշ շրջաներէն եւ նոր դիրքեր գրաւեցին Քիրքուք քաղաքի հարաւային շրջաններուն մէջ: Իրաքեան բանակը Անպարի շրջանին մէջ ազատագրեց գերեւարուած 400 սպաներ: Ռազմական գետնի վրայ, քիւրտերը յաջողեցան Տաաշի յառաջընթացը կասեցնել հիւսիսային Իրաքի կարգ մը քաղաքներու մէջ:
ՄԱԿ հաւաստեց, թէ անցնող 24 ժամերուն ընթացքին աւելի քան 70 հազար քիւրտեր,Սուրիայէն փախուստ տուած են Թուրքիա:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը հաւաստեց,թէ խորհրդարանը պիտի քուէարկէ, երկրին սահմաններէն դուրս զինուորական գործողութիւններ կատարելու բանաձեւ մը:
Ներքին գետնի վրայ, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց թէ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարի նշանակումներուն շուրջ տարակարծութիւնները չունին որեւէ խորք:
Միւս կողմէ, Տաաշ իր կողմնակիցներուն կոչ ուղղեց գլխատելու Սինայի անապատին մէջ գերեվարուած եգիպտացի զինուորները: