Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Իսրայէլէն պահանջեց վերադարձնել արաբական բռնագրաւուած հողերը եւ ճանչնալ 1967-ի սահմանագիծերով պաղեստինեան պետութիւնը: Ապպաս, որ արդէն կը գտնուի Նիւ Եորք, միջազգային ընտանիքէն պիտի պահանջէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը:
Համասը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան հետ եւ քննարկեց Կազայի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ սպաննեց պաղեստինցի երիտասարդ մը: Իսրայէլեան բանակի աղբիւր մը հաղորդեց, թէ ենթական կը նկատուէր երեք իսրայէլացի երիտասարդներու սպանութեան յանցագործներէն մին: Նոյն պահուն, իսրայէլեան բանակը երկու պաղեստինցիներ սպաննեց Արեւմտեան Ափի մէջ: