-Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտէլ Լաթիֆ Տըրիանին: Հանդիպումէն ետք, Ռայի խստիւ քննադատեց հիմնադիրներու խորհրդաժողով հրաւիրելու, Թայէֆի համաձայնագիրը վերանայելու մասին առաջարկները: Ռայի շեշտեց քրիստոնեայ- իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
– Երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտարարեց, թէ աշխատավարձերու յաւելումներուն շուրջ համաձայնութիւնը կը կարօտի քաղաքական ուժերուն համաձայնութեան: Ատուան նշեց, թէ եկամուտի աղբիւրներու փնտռտուքը նոյնպէս կը կարօտի քաղաքական բեմին համերաշխութեան:
-Երեսփոխան Ամմար Հուրի ցաւ յայտնեց, որ նոր տուեալներ գոյութիւն չունին նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Հուրի նշեց, թէ խորհրդարանի օրէնսդիր նիստը պիտի որոշէ աշխատավարձերու թղթածրարը, իսկ 2015-ի պետական պիւտճէին պարագային, անհրաժեշտ է հաշուի առնել Մուսթաքպալ Հոսանքին տեսակէտները:
– «Տը Նիու Եորք Թայմզ» կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ Հըզպալլա կրնան թշնամանք տածել իրարու հանդէպ, սակայն անջատաբար կը պայքարին միեւնոյն թշնամիին՝ Տաաշի դէմ:
-Ելեկտրական ընկերութեան սարակները նստացոյց մը կազմակերպեցին Տորայի շրջանին մէջ գործող «ՔԱ.Վէ.Ա» ընկերութեան շէնքին առջեւ եւ վերահաստատեցին իրենց պահանջները: «ՔԱ.ՎԷ.Ա» յայտարարեց, թէ մեկնելով ստեղծուած պայմաններէն ստիպուած է դադրեցնելու ընկերութեան աշխատանքները:
-Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խոհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա յայտնեց, թէ քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու կարգախօսին տակ կատարուածը ամօթանք եւ դաւաճանութիւն է Լիբանանին եւ քրիստոնէութեան:Միւս կողմէ, միայն Հըզպալլայի զինեալները Սուրիայէն հեռացնելով կարելի պիտի ազատագրել առեւանգուած զինուորականները: