Ուքրանիա կը շարունակէ զէնք վաճառել Ատրպէյճանին: Ատրպէյճան, ժամանակէ մը ի վեր լուրջ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ ուքրանական արտադրութիւն զէնքերուն եւ յայտարարեց, թէ յաջողութեամբ փորձարկած է ուքրանական տարբեր տեսակի զէնքեր: Ուքրանիա խոստացած է փորձարկուած սպառազինութեամբ օժտել Ատրպէյէճանը, որ շատ հաւանաբար զայն պիտի կիրառէ Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ բախումներուն: