Նիւ Եորքի մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրիոյ իր պաշտօնակիցին Հայնց Ֆիշըրի հետ: Հանդիպումէն ետք, Ռոհանի, Աւստրիոյ ճանապարհով կազ մատակարարելու պատրաստակամութիւն յայտնեց եւրոպական ցամաքամասի երկիրներուն: Ռոհանի շեշտեց, թէ Իրանի համար խիստ անհրաժեշտ է միջուկային արհեստագիտութեան տիրապետումը՝ երկրին բարգաւաճման ծրագիրները հետապնդելու նպատակով: Ռոհանի, Աւստրիայէն եւ Եւրոպական Միութենէն պահանջեց դիւրացնել Իրան- Վեցեակ բանակցութիւններու ընթացքը: