Երեքշաբթի երեկոյեան տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ Գեփիթըլ Գափ-ի (Լիկ Գափ) երրորդ եւ չորրորդ հանգրուանի մրցումները: Լիվըրփուլ, յետ երկարաձգումի, փենալթի հարուածներու շնորհիւ՝ 14-13 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլզպորօն: Հանդիպումը վերջ գտած էր՝ 2-2 հաւասարութեամբ: Արսենալ, սեփական դաշտին մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաութեմթընէն եւ դուրս մնաց բաժակէն:
Ստորեւ Գեփիթըլ Գափ-ի մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
Արսենալ – Սաութեմթըն՝1-2
Գարտիֆ Սիթի – Պորնմաութ` 0-3
Տըրպի Գաունթի – Ռետինկ` 2-0
Օրիանթ – Շեֆֆիլտ Եունայթտ` 0-1
Լիվըրփուլ – Միլզպորօ` 2-2 ( 14-13)
Էմ.Քէյ. Տոնզ – Պրատֆորտ Սիթի`2-0
Շրուզպըրի Թաուն -Նորուիչ Սիթի` 1-0
Սանտերլանտ – Սթոք Սիթի` 1-2
Սուանսի Սիթի – Էվըրթըւն` 3-0
Ֆուլամ – Տոնքասթըր Ռովըրզ` 2-1
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ՝ մրցանիշային 25-րդ «հեթ-թրիք»ը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի շապիկով, Էլչէի դէմ Ռէալի արձանագրած 5-1 արդիւնքով յաղթանակին ընթացքին: ՌԷալ Մատրիտ ակումբի «հեթ-թրիք»ներու մրցանիշը կը պատկանի Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյին՝ 26:
Ֆրանսայի մէջ, շնորհիւ Անտրէ Փիեռ Կինիաքի զոյգ կոլերուն, Մարսէյ՝ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիմը եւ շարունակեց գլխաւորել ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը: Անտրէ Այվու (2) եւ Ճիանելի նշանակեցին Մարսէյի մնացեալ կոլերը: Կ’արժէ նշել որ Կինիաք՝ եօթ հանդիպումներու ընթացքին նշանակած է ութ կոլ: Ռէն՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թուլուզը:
Իտալիոյ մէջ, Ա.Սէ. Միլան՝ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էմփոլիի դէմ, այս վերջնոյն դաշտին մէջ: Ֆեռնանտօ Թորէզ եւ Քէյշուքէ Հոնտա նշանակեցին Միլանի կոլերը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներու գծով, Պայերն Միւնիխ` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փատերպորնը:Կոցէ(2), Լեվանտովսքի եւ Թոմաս Միւլըր նշանակեցին պաւարիական խումբին կոլերը: Շալքէ 0 4՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վերտէր Պրեմէնը: Իսկ Հոֆենհայմ- Ֆրայպուրկ ճակատումը վերջ գտաւ՝ 3-3 հաւասարութեամբ: