ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ դատապարտեց ահաբեկչութիւն սերմանող ծայրայեղականութիւնը, ինչպէս նաեւ օտարհապատակ ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ հակամարտութիւններուն: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց,թէ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ համաշխարհային խաղաղութեան: ՄԱԿ նաեւ արգիլեց ճիհատիստ վարձկաններ հաւաքագրելու եերւոյթը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Պատմական բանաձեւ» գնահատականը տուաւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ առնուած որոշումին: Օպամա՝ արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ իսլամական պետութեան դէմ պայքարը: Ան խոստացաւ քաղաքական լուծում մը փնտռել Սուրիոյ տագնապին: Այսուհանդերձ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ընդգծեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը չունի ռազմական լուծում եւ պահանջեց համաշխարհային ճակատի մը կազմութիւնը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն իր խօսքին մէջ պահանջեց ահաբեկչութեան պայքարի դէմ, ՄԱԿ-ի կողմէ պաշտօնակատար մը նշանակել, որովհետեւ ըստ Գամերոնի, ահաբեկչութիւնը դարձած է համաշխարհային մտահոգութիւն: Ան նշեց, թէ առնուազն 500 բրիտանացիներ կը կռուին իսլամական պետութեան կողքին: Նշենք, թէ Բրիտանիոյ խորհրդարանը այսօր՝ Ուրբաթ պիտի քննարկէ Իրաքի եւ Սուրիոյ օդարշաւներուն մասնակցելու կարելիութիւնները:
Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Արպիլ:
Միւս կողմէ, առնուազն տասնչորս քաղաքացիներ սպաննուեցան եւ երեսուն երկու ուրիշներ վիրաւորուեացան Պաղտատի մէջ,ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումին հետեւանքով: