Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով արտակարգ նիստ մը պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամներէն՝ իսրայէլապաղեստինեան խաղաղութեան բանակցութիւններուն շուրջ: Ան յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի զարգացումները պէտք չէ մոռացութեան մատնեն պաղեստինեան հարցը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ընդունելով հանդերձ Լաւրովի առաջարկը, դիտելւ տուաւ թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին բանակցութիւններու նոր հանգրուան մը պիտի սկսի իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն միջեւ:
Լաւրով միաժամանակ քննադատեց Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերաբեալ Օպամայի արտասանած խօսքը.« Խաղաղասէրի մը ելոյթը չի կրնար համոզիչ դառնալ,այնքան ժամանակ որ ան սպառնալիքներ կը յղէ աջ ու ձախ». ըսաւ Լաւրով: