ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին խիստ պատասխան մը տուաւ Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենիուքին: Արդարեւ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած իր խօսքին մէջ, Եացենիուք մարտահրաւէր մը կարդաց նախագահ Վլատիմիր Փութինին յայտնելով, թէ Ռուսիա պիտի չկարենայ պարտութեան մատնել Ուքրանիոյ ժողովուրդին :
Չուրքին, Եացենիուքին յիշեցուց, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ խիտ բանակցութիւններ կը վարէ նախագահ Փութինի հետ եւ շնորհիւ այդ բանակցութիւններուն գոյացած էր Մինսքի համաձայնութիւնը:
Միւս կողմէ, Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Ֆումիօ Քիշիտա յայտարարեց, թէ իր երկիրը հաւանաբար ջնջէ Ռուսիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները: