Ֆրանսայի Մանշի ծերակուտական, եւրոպական հարցերով յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան փոխնախագահ Ժան Պիզէ պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը՝ հարաւային Կովկասի կայունութիւնը ապահովելու նպատակով: Սոյն յայտարարութիւնը Պիզէ կատարեց Ստեփանակարերտի մէջ, Արցախի ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին: