Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ալ Հատիիի հետ: Լաւրով խոստացաւ օգնութեան ձեռք մեկնել Պաղտատին՝ ահաբեկչութեան դէմ անոր պայքարին մէջ: Իրաքի վարչապետ Հայտար Ալ Հատի յայտարարեց, թէ երկրին գաղտնի սպասարկութիւնը բացայայտած է Միացեալ Նահանգներու եւ Փարիզի ստորգետնեաներուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու դաւադրութիւն մը: Վարչապետը աւելցուց, թէ այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարուած են Պաղտատի մէջ: Եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ ապահովական խիստ քայլեր առնուած են որեւէ միջադէպի առաջքը առնելու մտահոգութեամբ:
Էֆ.Պի.Այ.-ի տնօրէն Ճէյմս Գոմէյ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն բացայայտած է ամերիկացի եւ բրիտանացի պատանդները գլխատող յանցագործին ինքնութիւնը: Գոմէյ ըսաւ, թէ իր հաստատութիւնը իրեն կը վերապահէ ոճրագործին անունը եւ ինքնութիւնը: