ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, թէ իր երկիրը պիտի մերժէ Ապահովութեան Խորհուրդի նիստերուն ընթացքին կիրարկուող վեթոյի օրէնսդրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու առաջարկը: Չուրքին ըսաւ, թէ Ռուսիա համաձայն է ՄԱԿ-ի օրէնսդրութեան կարգ մը յօդուածներու փոփոխութեան, սակայն ոչ՝ վեթոյի օրէնսդրութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս դիտել տուաւ, թէ վեթօն պէտք չէ դառնայ որեւէ պետութեան մենաշնորհը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի կարգ մը պետութիւններ կը փորձեն սահմանափակել Ռուսիոյ վեթոյի իրաւունքը:
Միւս կողմէ, Քրեմլին հաղորդեց, թէ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Փիոթր Փորոշենքօ հանդիպում մը պիտի ունենան յառաջիկայ օրերուն: