ՄԱԿ-ի 69-րդ ընդհանուր նիստերուն մասնակից վարչապետ Թամամ Սալամ, Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներուն: Ան ըսաւ, թէ Լիբանան՝ ինքնապաշտպանութեան ճանապարհով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ կը փորձէ առաւելագոյն չափով հեռու մնալ շրջանային հակամարտութիւններէն: Ան նշեց, թէ Լիբանան մաս կը կազմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող միջազգային ճակատին: Սալամ նշեց,թէ Լիբանանի կացութիւնը ծանր է, լուծումի համար անհրաժեշտ են մասնայատուկ քայլեր: Սալամ յայտնեց, թէ քաղաքական հոսանքներուն վրայ կը մնայ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու պատասխանատուութիւնը: Սալամ նաեւ յայտնեց, թէ բանակը պատրաստ է ընդունելու ամերիկեան, ռուսական եւ այլ պետութիւններու օժանդակութիւնները:
Թրիփոլին ներկայացնող կարգ մը դէմքեր դիտել կու տան, թէ ապահովական անիշխանականութիւնը սարսափի նոր մթնոլորտ մը ստեղծած է քաղաքին մէջ: Բանակին դէմ լարուածութիւնը կ’արձանագրէ մագլցում:Կրակոցները աւելի յաճախակի կը դառնան բաանկին դէմ: Նախկին վարչապետ Նեճիպ Միքաթի եւ նախկին նախարար Մուհամմէտ Սաֆատի կ’աշխատին սիւննի համայնքի ղեկավարները հանդիպումի մը հրաւիրել, քննարկելու քաղաքին կացութիւնը եւ մեղմացնելու տիրող լարուածութիւնը:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակը խիստ հսկողութիւն կը բանեցնէ Արսէլի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայաններուն վրայ եւ կը շարունակէ խուզարկութիւնները: Բանակը կտրականապէս հերքեց Արսէլը պաշարած ըլլալու մասին տեղեկութիւնները: Կ’արժէ նշել, որ լիբանանեան կարգ մը քաղաքներու մէջ սկսած են յայտնուիլ Տաաշին զօրակցող կարգախօսներ:Բանակը քանի մը անգամ կասեցուց Արսէլը շրջապատող լեռներէն զինեալներու թափանցումը քաղաքային շրջաններ: Զինեալները, Արսէլը շրջապատող շրջաններէն կրակ տեղացուցին բանակին վրայ:
Ճեպհէթ Ալ Նուսրայի աղբիւր մը յայտարարեց, թէ Արսէլի վերջին դէպքերուն պատճառով, առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու բանակցութիւնները խզուած են: Ան աւելցուց, թէ զինուորականները մահապատիժի ենթարկելու որոշում չկայ տակաւին, սակայն անոնք արդէն իսկ հագած են մահուան զգեստ…: Թուրքիա անգամ մը եւս մերժեց որեւէ ձեւով միջամտել բանակցութիւններուն:
Առեւանգուած զինուորականներուն հարազատները տակաւին փակ կը պահեն Տահր Ալ Պայտարի ճանապարհը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժեց օրէնսդիր նիստի հրաւիրել խորհրդարանը, առանց իրազէկ դառնալու աշխատավարձերու յաւելումներուն վերաբերեալ առնուած որոշումին մանրամասնութիւններուն: Ներկայիս կ’առաջարկուի մէկ առ հարիւրի յաւելում մը յաւելեալ տուրքերու արժէքին վրայ, միաժամանակ՝ երկու տարուան պայմանաժամ, յաւելումները ամբողջացնելու նպատակով: Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը անմիջապէս հակազդեց Պըրրիին յայտնելով, թէ նախագահի ընտրութենէն պիտի բացակայի մնացեալ նիստերէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
-Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը կառավարութենէն պահանջեց կեդրոնական շէնքին մէջ գտնուող կարեւոր սարքերը ապահով վայր մը փոխադրել, որովհետեւ սարակները կը շարունակեն պատանդ պահել կեդրոնական շէնքը: