Արհեստավարժ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ յաջողութեամբ պաշտպանեց իր տիտղոսը: Արդարեւ, Գերմանիոյ Կիլ քաղաքին մէջ կայացած հանդիպումին, Արթուր Աբրահամ, իրաւարարներու միաձայն վճիռով՝ 117-111,117-111,119-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փօլ Սմիթը:
Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող 34-ամեայ Աբրահամը երկրորդ անգամ ըլլալով պաշտպանեց Ռոպերթ Շթիկլիցէն խլած տիտղոսը: Աբրահամ, արհեստավարժ դառնալէ ետք կ’արձանագրէր իր 41-րդ յաղթանակը: Ան կրած է միայն չորս պարտութիւն: Մրցումէն ետք, Սմիթի մարզիչը փոխ վրէժի հանդիպում մը պահանջեց Աբրահամէն: