Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ գոյացած է 95 առ հարիւր համաձայնութիւն, սակայն մնացեալ հինգ տոկոսը «սատանան կը խանգարէ»: «Մենք կը շարժինք, կը շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ:Կը մնան երկու կամ երեք ծանր հարցեր».ըսաւ Լաւրով, աւելցնելով թէ բարդութիւնը կը կայանայ քաղաքական եւ կողմերու համար փոխզիջողական լուծում ձեռք բերելու մէջ: Չինաստանի հետ միասին մենք քանի մը ձեւակերպումներ առաջարկած ենք, որոնք կրնան օգտակար դառնալ …. մինչեւ նշանակուած 24 Նոյեմբերը: Ես զգուշօրէն լաւատեսական տրամադրուած եմ ». յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Աթոմական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան տնօրէն Եոքի Ամանօ յայտարարեց, թէ Իրան- Վեցեակ բանակացութիւնները պիտի վերսկսին Հոկտեմբեր ամսուան կիսուն: