-Փաղանգաւոր Կուսակցութեան նախագահ Ամին Ճեմայէլ մերժեց «անհրաժեշտութեան» պատրուակին տակ անտեսել նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը: Ճեմայէլ անընդունելի նկատեց ստեղծուած թափուրը անուղղակիօրէն ընդունելու երեւոյթը: Լիբանանեան Ուժերու գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա յայտարարեց, թէ Հըզպալլա եւ Միշէլ Աուն կը կրեն նախագահական թափուրին պատասխանատուութիւնը:
– Բրիտանական « Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ,թէ Ուալիտ Ճոմպլաթ կառավարութեան առաջարկած է ուղղակի բանակցութիւններ վարել Տաաշի հետ եւ բանտարկեալներու հետ փոխանակել առեւանգուած զինուորականները:
-Ապահովական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ մեծ թիւով Ճեպհէթ Ալ Նուսրայի զինեալներ տարածուած են Պապ Թըպենէի արուարձաններուն մէջ: Թրիփոլի կը գտնուի նոր պայթումի մը սեմին: Քաղաքական կարգ մը ուժեր գաղտնի ճանապարհներով ռազմական եւ նիւթական օժանդակութիւն կը հայթայթեն ծայրայեղականներուն:
-Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամ Հաննա Ղարիպ դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել աշխատավարձերու թղթածրարին շուրջ եւ ոչ՝ նոր տագնապներ ստեղծել անոր պատճառով:
-Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ ԱպտէլԼաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլին եւ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային բեմի վերջին զարգացումները:
– Վարչապետարանին կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, Ատհայի տօնին առիթով, պետական հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւնները փակ պիտի մնան 4,5,6 Հոկտեմբերին: