Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Չելսի՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ասթոն Վիլային: Օսքար, Տիէկօ Գոսթա(եղանակի 8-րդը) եւ Ուիլիան նշանակեցին Ժոզէ Մուրինիոյի կազմին կոլերը: Մանչեսթըր Սիթի մրցակիցի դաշտին մէջ՝ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոլ Սիթիին: Սերժիօ Ակուերօ, Էտին Ժեքօ (2) եւ Ֆրանք Լամփարտ նշանակեցին «Տը Սիթիզընզ»ներուն կոլերը:
Սաութեմթըն շարունակեց իր յաղթանակներուն շարքը, այս անգամ՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզը: Ռայըն Պերթրան եւ Կրացիանօ Փելլէ նշանակեցին «Սուրբեր»ուն կոլերը: Լեսթըր Սիթի՝ 2-0 արդիւնքով խոնարհեցաւ Գրիսթալ Փալասին առջեւ: Սանտերլանտ տակաւին կը փնտռէ եղանակի առաջին յաղթանակը: Կաս Փոյէի խումբը՝ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սուանսի Սիթիի դէմ:
Օլտ Թրեֆորտ մարզադաշտին մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ բախտաւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ուեսթ Համ Եունայթըտի դէմ: Ուէյն Ռունի, 5-րդ վայրկեանին յառաջ մղեց «Կարմիր Սատանաներ»ը: Ռոպին Վան Փըրսի կրկնապատկեց Եունայթըտի առաւելութիւնը: Տիաֆրա Սախօ կրճատեց հաշիւը: 59-րդ վայրկեանին, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ հաւաքականի խմբապետ Ուէյն Ռունի՝ անմարզավայել արարքին համար հեռացուեցաւ դաշտէն: Ռունի անմիջական երեք մրցումներ բացակայելու պատիժ մը կրեց: Հիւրերը ՝ Քեւին Նոլանի միջոցով հաւասարեցուցին հաշիւը, սակայն իրաւարարը «օֆ սայտ»ի պատճառով մերժեց անոնց նշանակած կոլը: Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ 2-1 Մանչեսթըր Եունայթըտի յաղթանակով:
Լոնտոնի մէջ, Արսենալ – Թոթենհամ ճակատումը վերջ գտաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ: Երկու խումբերը ցուցադրեցին իրենց սովորական մակարդակէն նուազ խաղաոճ մը: Նասէր Չատլի՝ 56-րդ վայրկեանին յառաջ մղեց Սփըրզը: Օքսալատ Չեմպըրլէյն նշանակեց «Կանըրզ»ներու հաւասարութեան կոլը:
Լիվըրփուլի եւ Էվըրթընի միջեւ «Մերսիսայտ Տըրպի»ն վերջ գտաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ: Սթըվըն Ճեռարտ, 65-րդ վայրկեանին յառաջ մղեց «Կարմիրներ»ը: Հանդիպման հաշուած վայրկեաններուն, Ֆիլ Ճակիէյլքա՝ գեղեցիկ հարուածով մը, հաւասարութիւն մը կորզեց Լիվըրփուլէն: Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիոն՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրնլիին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Չելսի՝ 6 մրց. 16 կէտ
2- Սաութեմթըն՝ 6 մրց. 13 կէտ
3- Մանչեսթըր Սիթի՝ 6 մրց. 11 կէտ
Սպանիոյ մէջ, Լիոնէլ Մեսի (2) նշանակեց իր ասպարէզին 401-րդ կոլը, երբ Պարչելոնա՝ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կրանատան, Նու Գամփ մարզադաշտին մէջ: Նէյմար(3) եւ Իվան Ռաքիթիչ նշանակեցին գաթալոնական խումբին մնացեալ կոլերը: Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ՝ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիլառէալը: Լուքա Մոտրիչ եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (եղանակի 10-րդը) նշանակեցին մայրաքաղաքի խումբին կոլերը: Անցեալ տարուան ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտը՝ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սեւիլիայի դէմ: Քոքէ, Նիկուէզ, Ռաուլ Կարսիա եւ Ռաուլ Ճիմենէզ նշանակեցին Աթլեթիքոյի կոլերը: Աթլեթիք Պիլպաօ՝ 0-0 հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Էյպարի դէմ: Նոյնպէս՝ 1-1 հաւասսարութեամբ վերջ գտաւ Ռէալ Սոսիետատ – Վալենսիա հանդիպումը՝
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Պարչելոնա՝ 6 մրց. 16 կէտ
2- Աթլեթիքօ Մատրիտ՝ 6 մրց. 14 կէտ
3- Վալենսիա՝ 6 մրց. 14 կէտ
Գերմանիոյ մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ ցնցում մը եւս կրեց, երբ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Շալքէ 04-էն: Ճոյէլ Մաթիպ եւ Էրիք Մոթինկ նշանակեցին Շալքէի կոլերը: Փիեռ Էմերիք Օպամէյանկ՝ Տորթմունտի: Տորթմունտի պարտութիւնը երրրոդն էր, ախոյեանութեան վեց մրցումներու ընթացքին: Պայերն Միւնիխ շարունակեց իր յաղթարշաւը՝ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գէոլնը: Մարիօ Կեոցէ եւ Տանիէլ Հալֆար(սեփական բերդէն ներս) նշանակեցին պաւարիական խումբին կոլերը: Ախոյեանութեան վեց մրցումներուն ընթացքին, Պայերն կ’արձանագրէր չորրորդ յաղթանակը: Պորուսիա Մէօնշենկլատպախ նոյնպէս կը մնայ անպարտելի: Շաբաթավերջին, Մէօնշէն՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փատերպորնը: Շթութկարթ արձանագրեց եղանակի առաջին յաղթանակը՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հանովըր 96-ը: Ֆրայպուրկ – Պայէր Լեվերքուզեն ճակատումը վերջ գտաւ՝ 0-0 հաւասարութեամբ: Վոլֆսպուրկ՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վերտէր Պրեմէնը: Ռիքարտօ Ռոտրիկէզ եւ Իվիքա Օլիչ նշանակեցին Վոլֆսպուրկի կոլերը: Մայնց եւ Հոֆենհայմ նոյնպէս կը մնան անպարտելի: Անոնց միջեւ ճակատումը նոյնպէս վերջ գտաւ՝ 0-0 սպիտակ հաւասարութեամբ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1 –Պայերն Միւնիխ՝ 6 մրց. 14 կէտ
2- Պորուսիա Մէօնշենկլատպախ՝ 6 մրց. 12 կէտ
3- Պայեր Լեվերքւոզեն՝ 6 մրց. 11 կէտ
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Միլան քաղաքի երկու խումբերը մատնուեցան անյաջողութեան: Արդարեւ, Ա.Սէ. Միլան՝ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Չեզենայի համեստ կազմին դէմ, այս վերջնոյն դաշտին մէջ: Ատիլ Ռամի նշանակեց Միլանի որբ կոլը: Սակայն Ինթէր Միլան սեփական դաշտին մէջ՝ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Գալիարիէն: Շնորհիւ Գարլոս Թեվէզի (2) եւ Ալվարօ Մորաթայի կոլերուն, Եուվենթուս՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթալանթային: «Ծեր Պառաւ»ը կը պահէ հարիւր առ հարիւր ցուցանիշ: Անոր մրցակիցը՝ Ռոմա, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վերոնային: Անտրէա Ֆլորենզի եւ Մաթիա Տեսթրօ նշանակեցին մայրաքաղաքի խումբին կոլերը: Թորինօ – Ֆիորենթինա ճակատումը վերջ գտաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ: Սամփտորիա՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճենովային եւ բարձրացաւ ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքին: Մանոլօ Գամպիատինի նշանակեց Սամփտորիայի յաղթանակին կոլը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Եուվենթուս՝ 5 մրց. 15 կէտ
2- Ռոմա՝ 5 մրց. 15 կէտ
3- Սամփտորիա՝ 5 մրց. 11 կէտ
Ֆրանսայի մէջ, Մարսէյ՝ 2-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Սէն Թեթիէնի դէմ եւ վերագրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը: Ճիանելի Իմպուլա եւ Տիմիթրի Պայէ նշանակեցին Մարսէյի կոլերը: Պորտօ՝ Շապան Տելմաս մարզադաշտին մէջ, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէնը: Ուահպի Քազրի եւ Թոմաս Թուրէ նշանակեցին Պորտոյի կոլերը: Լիլ՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պասթիային: Տիվոք Օրիկի նշանակեց Լիլի յաղթանակի կոլը: Փարի Սէն Ժերմէն դարձեալ ինկաւ հաւասարութեան ծուղակը երբ՝ 1-1 արդիւնքով հաշտութիւն մը կնքեց Թուլուզի համեստ կազմին դէմ: Հաւասարութիւնը՝ Լորան Պլանի խումբին եղանակի 5-րդն էր: Ժան Քրիսթոֆ Պահէպէք նշանակեց մայրաքաղաքի խումբին կոլը: Մոնփելիյէ՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կենկանին: Նիս՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնաքոյին: Գարլոս Էտուարտօ նշանակեց «Գոթ Տազիւր Տըրպի»ին յաղթանակի կոլը: Նանթ՝ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիոնի դէմ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Մարսէյ՝ 8 մրց. 19 կէտ
2- Պորտօ՝ 8 մրց. 17 կէտ
3- Լիլ՝ 8 մրց. 15 կէտ
Հոլանտայի մէջ, Այաքս Ամսթերտամ՝ 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրետայի դէմ: Եղանակի անակնկալ խումբը՝ Զուոլ, 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հերաքլէսը: Էֆ.Սէ. Թուենթէ՝ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ութրեխթին: