Ռուսիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատատ հաւաստեց, թէ նախագահ Պաշշար Ասատ ծայրայեղականաներու դէմ յայտարարուած միջազգային դաշինքին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի օրէնսդրութեան համաձայն: Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլէմ յայտարարեց, թէ Տաաշի եւ ճեպհէթ Ալ Նուսրայի դէմ պայքար յայտարարող պետութիւնները, պարտաւոր են միջազգային օրէնսդրութեան հետ համադրելու իրենց քայլերը:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ճակատը կասկածանքով կը հետեւի անգարայի քայլերուն: Թուրքիոյ ղեկավարները երկդիմի կեցուածքներ կ’արտայայտեն այս ուղղութեամբ: Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Անգարա կ’ուսումնասիրէ Սուրիոյ դէմ ցամաքային խուժում մը կատարելու կարելիութիւնները՝ թուրք քաղաքացիներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու մտահոգութեամբ: Թուրքիա տասնհինգ հրետանի տեղակայած է Սուրիոյ հիւսիսային սահմանագիծին վրայ:
Փենթակոնի աղբիւր մը յայտարարեց, թէ ամերիկեան օդուժը ցարդ 4300 օդարշաւ կատարած է Տաաշի դիրքերուն վրայ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Խալէտ Աթիյէ հերքեց՝ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն զէնքով եւ նիւթապէս օժանդակելու մասին, իր երկրին հասցէին քննադատութիւնները:
Բրիտանկան «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, թէ Տաաշի դէմ պատերազմը, իւրաքանչիւր օր, առնուազն տասը միլիոն տոլարի գումար մը կ’արժէ Միացեալ Նահանգներուն: Օրաթերթին համաձայն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան օդարշաւները ցարդ 780-930 միլիոն տոլարի գումար մը արժած են պաշտպանութեան նախարարութեան: