Սկզբունքով, Չորեքշաբթի առաւօտեան, լիբանանեան խորհրդարանը պիտի գումարէ օդէնսդիր նիստ եւ վաւերացնէ աշխատավարձերու յաւելումներու օրինագիծը: Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամ Հաննա Ղարիպ դիտել տուաւ, թէ հսկայական տարբերութիւններ գոյութիւն ունին պահանջուած եւ առաջադրուած յաւելումներուն միջեւ:
Միւս կողմէ, կառավարական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ նախարարաց խորհուրդի վաղուան նիստը բաւական ճակատագրական պիտի ըլլայ առեւանգեալ զինուորականներուն թղթածրարին համար: Կառավարութիւնը շատ հաւանաբար յստակ որոշում մը ընդունի առեւանգող կողմերուն հետ բանակցելու ուղղութեամբ: Վարչապետ Թամամ Սալամ կ’ակնկալէ, որ կառավարութիւնը միասնական կեցուած որդեգրէ բանակցութիւններ վարելու որոշումին առնչութեամբ: Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Սալամ կը վայելէ քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան աջակցութիւնը: Կ’ըսուի, թէ Քաթար լուրջ քայլերու սկսած է դիմել առեւանգեալներուն հարցով, իսկ Թուրքիա խոստացած է կարելին ընել զանոնք ազատ արձակելու ուղղութեամբ:Սակայն, Սէուտական Արաբիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ռիատ» օրաթերթը կը գրէ, թէ առ այսօր, քաթարեան միջնորդութեան մասին տեղեկութիւնները, երեւակայութիւններ են պարզապէս…:
Սէուտական «Օքազ» օրաթերթը կը գրէ, թէ այսպէս կոչուած Սուրիոյ ազատ բանակը մտած է առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու գիծին մէջ:Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք յայտարարեց, թէ զինուորականները ազատ արձակելու համաձայնութեան նախապատրաստութիւններ տեղի կ’ունենան:
Առեւանգուած զինուորականներուն ընտանեկան պարագաները, բարեկամները կը շարունակեն փակ պահել Տահր Ալ Պայտարի ճանապարհը: Երէկ կէսօրին, Ապահովութեան ուժերու եւ առեւանգուած զինուորներու հարազատներուն միջեւ բախում մը տեղի ունեցաւ Մասնաայի ճանապարհին վրայ:Սակայն Մաժտ Ալ Անճարի քաղաքապետարանի նախագահը հերքեց նման միջադէպի մը իրողութիւնը, աւելցնելով որ ճանապարհները կը մնան բաց:
Վարչապետ Թամամ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանին եւ քննարկեց շրջանային բեմի զարգացումները: Հանդիպումը աւարտելէ ետք,Շամխանի յայտարարեց, թէ Իրան որոշած է ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանեան բանակին: Իրանցի դիւանագէտը նաեւ այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլային եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դիտել տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւնները ներկայ ոճով խանգարելու ընթացքը շարունակուելու պարագային, երկու նախագահ պիտի ընտրուի՝ մէկի փոխարէն: Պըրրի՝ Այն Էլ Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: