Պաղեստինեան Իշխանութեան գլխաւոր բանագնաց Սայէպ Օրէյղաթ յայտնեց, թէ Պենիամին Նեթանիահու, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն թաղեց 1967-ի սահմանագիծերու հիման վրայ կողք կողքի, երկու անկախ պետութիւններու ընտրանքը: Պաղեստինի Ազգային Նախաձեռնութիւն շարժումի ղեկավար Մուսթաֆա Պարղութի յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ամպիոնէն Պենիամին Նեթանիահուի արտասանած խօսքը ճշմարտութիւններէն փախուստ տալու եւ իրողութիւնները ծածկելու փորձ մըն էր:
Իսրայէլեան հեռատեսիլի եօթներորդ կայանը հաղորդեց, թէ Կազայի վրայ ցամաքային յարձակումին առաջին օրը զոհուած եւ վիրաւորուած են ութսուն ութ բանակայիններ:
Իսրայէլեան բանակը անակնկալ ներխուժեց Արեւմտեան Ափ եւ ձերբակալեց տասը պաղեստինցիներ:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան կրակ բացաւ լիբանանեան սահմանին ուղղութեամբ,վիրաւորելով հովիւ մը: