Վարչապետ Թամամ Սալամ հաւաստեց, թէ առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու բաանկցութիւնները մտած են իրենց ճիշդ հունին մէջ: Սալամ յայտնեց, թէ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին լուսարձակներէ հեռու եւ գաղտնապահութեան տակ: Սալամ, վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխորհրսթը: Վերջինս հաւաստեց, թէ պիտի շարունակուին Լիբանանին օժանդակութիւնները: Վարչապետը նաեւ ընդունեց երեսփոխան Ժորժ Ատուանը:
Ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Ապպաս Իպրահիմ պաշտօնապէս հաւաստեց, թէ առնուած է առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու առաջին քայլը: Այսուհանդերձ, ան աւելցուց, թէ բանակցութիւններու ճանապարհը պիտի ըլլայ դժուար եւ երկար: Ան դիտել տուաւ,որ թղթածրարը անհրաժեշտ է դուրս բերել քաղաքական սակարկութիւններու շուկայէն եւ անվտանգութեան կառոյցներուն վստահիլ բանակցութիւններուն ընթացքը: Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, Իպրահիմ՝ հաւաստիքներ ստացած է ահաբեկիչներէն, որ ֆիզիքական պատժամիջոցներու պիտի չենթարկուին առեւանգեալները: Ապպաս Իպրահիմ նաեւ նկարագրեց առեւանգուած զինուորական Քամալ Հըժէյրին ազատ արձակելու մանրամասնութիւնները: Կ’արժէ նշել,որ շնորհիւ Ապպասի միջամտութիւններուն, ծայրայեղականները ազատ արձակեցին Խըտր Տարուիշ անունով քաղաքացի մը: Վերջինս, վեց օր անհետանալէ ետք, Չորեքշաբթի այգաբացին վերադարձաւ իր բնակարանը:
Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա պահանջեց գործակցութեան եզր մը ստեղծել լիբանանեան բանակին՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ օդարշաւներ կազմակերպող ամերիկեան զինակցութեան միջեւ:
Այս զարգացումներուն իրազեկ դառնալով հանդերձ, առեւանգեալներուն ընտանեկան պարագաները կը շարունակեն փակ պահել Տահր Ալ Պայտարի ճանապարհը: