– Մարոնի եպիսկոպոսները,գարտինալ Պշարա Ռայիի գլխաւորութեամբ իրենց հերթական նիստը գումարեցին Պըքերքէի մէջ: Նիստէն ետք լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ, մարոնի կղերը իսլամական պաշտօնական ղեկավարներէն պահանջեց յստակ կեցուածք ճշդել ահաբեկչական երեւոյթներուն հանդէպ:
– Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ յայտարարեց,թէ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը դարձած է իրողութիւն: Ճոմպլաթ յայտնեց,թէ զինք ներկայացնող նախարարները, կառավարութեան այսօրուան (Հինգշաբթի) նիստին ընթացքին պիտի արծարծեն այս հարցը:
– Լիբանանեան զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Մոսկուա՝ ռուս պատասխանատուներու հետ քննարկելու լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութիւններու հարցը:
– Մարտ 14-ի ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը գումարեց նիստ մը եւ քննարկեց լիբանանեան բեմին վերջին զարգացումները: Նիստի աւարտին լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ,Մարտ 14-ի ուժերը կը պահանջեն որ նախագահական ընտրութիւնը դառնայ առաջնայնութիւն: