-Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ կը փորձէ մեղմացնել Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին միջեւ տարակարծութիւնները: Ճոմպլաթ կ’աշխատի ընդհանուր յայտարարի մը շուրջ համախմբել քաղաքական ուժերը, յատկապէս՝ երկրին ապահովական զարգացումներուն եւ լիբանանեան բանակին քայլերուն շուրջ:
– Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յառաջիկայ Երեքշաբթի առաւօտեան, Էլիզէ պալատին մէջ պիտի ընդունի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի նախագահական գործընթացը եւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:
-Լիբանանեան խորհրդարանը սկզբունքով օրէնսդիր նիստ մը պիտի գումարէ 21 Հոկտեմբերին, որպէսզի կատարէ խորհրդարանական յանձնախումբերու նշանակումները: