Միացեալ Նահանգերու նախագահ Պարաք Օպամա մաղթեց,որ խաղաղ միջոցներով լուծուի Հոնկ Քոնկի տագնապը: Օպամա, Սպիտակ Տան մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Յիի հետ, ազգային անվտանգութեան խորհրդական Սուզան Ռայսի ներկայութեան: Այս առիթով, Օպամա, չինաստան այցելութեան ցանկութիւն յայտնեց իր հիւրին: Իր կարգին, Ուանկ Յի յայտնեց, թէ օտար պետութիւններ իրաւունք չունին միջամտելու Չինաստանի ներքին գործերուն:
Նշենք, թէ յաջորդական չորրորդ օրը ըլլալով հոծ ցոյցեր տեղի կ’ունեան Հոնկ Քոնկի մէջ: Ցուցարարները եւ պահանջեց Հոնկ Քոնկի կառավարիչին հրաժարականը: