ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ
Եւրոպայի Ախոյեան Ակումբներու Ախոյեանութեան «Չեմփիընզ Լիկ» բաժակի խմբային հանգրուանի մրցումներուն գծով, Բ. Խմբակին մէջ, Ռէալ Մատրիտ դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց պուլկարական Լուտոկորեցի դէմ, այս վերջնոյն դաշտին մէջ: Մարչելինօ յառաջ մղեց պուլկարական խումբը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ՝ փենալթի հարուածով հաւասարեցուց Ռէալը: Քարիմ Պենզեմա՝ 2-1-ի վերածեց հաշիւը: Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ 2-1 սպանական ակումբին յաղթանակով: Դարձեալ Բ. Խմբակին մէջ, Լիվըրփուլ ՝1-0 արդիւնքով խոնարհեցաւ Պալի առջեւ: Կ’արժէ նշել, որ զուիցերիական խումբը համեմատաբար յաջող աւանդութիւն մը ունի անգլիական խումբերու դէմ: Վերջին տարիներուն, ան պարտութեան մատնած է Մանչեսթըր Եունայթըտը, Չելսին եւ Թոթենհամը: Մարքօ Սթելըր նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Ա. Խմբակին մէջ, Մալմօ՝ 2-0 արդիւնքով յիշարժան յաղթանակ մը տարաւ Օլիմփիաքոսի դէմ: Մինչ այդ, միեւնոյն խմբակին մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ՝1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եուվենթուսը: Արտա Թուրան նշանակեց Սպանիոյ ախոյեաններուն յաղթանկի կոլը:
Գ.Խմբակին մէջ, Պայեր Լեվերքուզեն՝ 3-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Պենֆիքայի դէմ: Սթեֆան Քիսլինկ, Սոն Հենկ Մին եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակեցին գերմանական խումբին կոլերը: Պենֆիքա՝ երկու հանդիպումներէ ետք կը մնայ առանց կէտի: Միեւնոյն խմբակին մէջ, Սան Փեթերսպուրկի Զենիթը՝ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոնաքոյի դէմ:
Դ.խմբակին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտերլեխթը: Ատրիան Ռամոս (2) եւ Չիրօ Իմոպիլէ նշանակեցին Տորթմունտի կոլերը: Նոյն խմբակին մէջ, Լոնտոնի Էմիրյէց մարզադաշտին մէջ, Արսենալ՝ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կալաթասարայը: Տենի Ուելպէք (3) եւ Ալեքսիս Սանչես նշանակեցին «Կանըրզ»ներուն կոլերը: Արսենալի յաղթանակը կը զուգադիպէր Լոնտոնեան ակումբին մօտ Արսէն Ուենկէրի պաշտօնավարութեան 18-րդ տարեդարձին: