Աւստրալիա պաշտօնապէս որոշեց մասնակցիլ Իրաքի մէջ, իսլամական պետութեան դէմ զինուորական գործողութիւններուն: Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Ապոթ ըսաւ, թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է իր սաղմին մէջ չէզոքացնէ ահաբեկչութիւնը: Ապոթ զգուշացուց նաեւ՝ Աւստրալիոյ մէջ իսլամական պետութեան սպառնալիքէն:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա ողջունեցին իսլամական պետութեան դէմ կազմուած դաշինքին մաս կազմելու Թուրքիոյ խորհրդարանին որոշումը: Իրան իր վերապահութիւնը յայտնեց թրքական խորհրդարանին որոշումին: Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան պետ Քամալ Քըլճտարօղլու յայտարարեց, թէ արեւմտեան դաշինքը, իսլամական պետութիւնը հարուածելէ աւելի, ուղղուած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ:
Իսլամական պետութիւնը եօթ տղամարդ եւ երեք կին գլխատեց Սուրիոյ մէջ:ՄԱԿ-ի կից Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան խորհուրդը հաւաստեց, թէ անչափահաս աղջիկներ,որոնց մեծամասնութիւնը՝ քրիստոնեաներ, իբրեւ կը հարսնացու կը վաճառուին ծայրայեղականներուն: