– Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ յայտարարեց, թէ նախագահի բացակայութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ միջազգային ընտանիքին առջեւ՝ Լիբանանի հեղինակութեան վրայ: Ճեմայէլ ըսաւ,թէ անհրաժեշտ շուտափոյթ ազատ արձակել առեւանգուած բանակայինները, սակայն առանց ոտնակոխելու պետութեան վարկը:
-Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ մեկնեցան Ֆրանսա: Երկու ղեկավարները, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
– Հիումըն Ռայց Ուոչ մարդասիրական կազմակերպութիւնը դատապարտեց Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ սուրիացիներու հանդէպ կատարուող վայրագութիւնները: Միջազգային կազմակերպութիւնը աւելի աչալուրջ եւ հետեւողականութիւն պահանջեց լիբանանեան իշխանութիւններէն, դիտել տալով որ բռնութիւնները շատ յաճախ տեղի կ’ունենան ապահովական մարմիններու ներկայութեան:
-Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը այսօր առաւօտեան պիտի մեկնի Հռոմ: Ռայի պիտի մասնակցի ընտանիքներու պաշտպանութեան նուիրուած սինոտոսին: Ան միաժամանակ պիտի ունենայ կարգ մը հանդիպումներ:
– Կրթական նախարար Իլիաս Պուսաապ ընդունեց սեփական վարժարաններու սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ քննարկեց անոնց պահանջները: