Յաջորդ շաբթուընէ Հայաստանէն ուղիղ չուերթներ պիտի սկսին դէպի Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավարութեան մայրաքաղաք էրպիլ:
Այս մասին կը գրէ Մետիամաքս-ը` յղում կատարելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, այս մասին Քիւրտիստանի ինքնավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆալահ Մուսթաֆայի հանդիպման ընթացքին ըսած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան:
Պարբերականի փոխանցմամբ, Քիւրտիստանի ինքնավարութիւն կատարած իր առաջին այցի ժամանակ Կարէն Գրիգորեան յայտարարած է, որ Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն բանալու առաջարկը արդէն հաստատուած է:
Դեսպանի խօսքերով, Հայաստանի կառավարութիւնը յանձնառու է Քիւրտիստանի ինքնավարութեան հետ յարաբերութիւններու պահպանման եւ ամրապնդման: Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ կողմերու միջեւ ուղիղ չուերթներու իրականացումը պիտի խթանէ Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ տնտեսական եւ մշակութային
փոխանակումները:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ անվտանգութեան եւ մարդասիրական ճգնաժամի պատճառով Քիւրտիստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Մետիամաքս-ը կը յիշեցնէ, որ անցեալ տարի Դեկտեմբերին Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածին մէջ հայերէնը ճանչցուած էր ինքնավարութեան պաշտօնական լեզուներէն մէկը: