Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, երեքշաբթի, 27 յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական մարզին մէջ համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ:
Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.
Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն:
Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն կարելիութիւններ` իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Համաձայնագիրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան մէջ: Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան ստորագրեցին համաձայնագիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ հայագիտական ու պատմական բաժիններու կրթական պատասխանատուներու ներկայութեան:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին, գիտութեան եւ կրթութեան նախարարին ու Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին` շեշտելով Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական կառոյցներուն միացեալ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: