ԵՐԵՒԱՆ.– 1 Յունուարէն լեհական LOT օդանաւային ընկերութիւնը պիտի վերսկսի իրականացնել Վարշաւա-Երեւան-Վարշաւա թռիչքները՝ շաբաթը երեք անգամ։ Օդանաւը Վարշաւայէն Հայաստան պիտի գայ ամէն Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, Երեւանէն պիտի մեկնի Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը: Բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ ամրան շրջանին թռիչքներուն թիւը աւելի ըլլայ։
Յիշեցնենք, որ թռիչքներու վերակազմաւորման պատճառով, LOT-ը 1 Յուլիսէն դադրեցուցած էր դէպի Երեւան թռիչքները։